2008-12-19 11:24:11

Պօղոսեան տարին ` խորհրդածութիւն։


 Տիմէոթոսի առաջին եւ եկրորդ թուղթերը

Տիմոթէոս, որ կը նշանակէ ան որ Աստուած կը պատուէ, եղած է Պօղոս Առաքեալի ամէնէն անձնուէր աշակերտը եւ գործակիցը։ Ան՝` որդի է հեթանոս հօր եւ հաւատացեալ հրեայի մը կնոջ՝` Եւնիկէի, որ Քրիստոնեայ դարձած էր եւ որուն մայրական հոգածութեան ներքեւ Տիմոթէոս մեծցաւ ու աճեցաւ քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Պօղոս առաջին անգամ կը հանդիպի Տիմոթէոսին հետ իր երկրորդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Լիւստրա կոչուած քաղաքին մէջ։

Հեթանոսութեան ու հրէութեան հետ ունեցած կրկնակի կապերով, եւ նաեւ կրօնական զուտ դաստիարակութիւն մը ստացած ըլլալու առաւելութեամբ, Տիմոթէոս եղաւ յարմարագոյն ատաղձը Պօղոսի ձեռքը, որուն վրայ յատուկ հոգածութիւն ցոյց տալով՝` այս երիտասարդէն կազմեց իր լաւագոյն գործակիցը եւ քրիստոնեայ առաքինի եւ անձնուէր գործիչներէն մէկը։ Պօղոս կապուած է անոր հայրական մեծ խանդաղատանքով, զոր կարտայայտէ իր թուղթերուն մէջ, եւ զոր կը կոչէ ոչ միայն սիրելի որդի, այլեւ եղբայր ու գործակից իր աշխատանքներուն մէջ։

Պօղոսի թուղթերէն ոմանց գրողը, ինչպէս շատ մը աստուածաբաններ կը հաստատեն, եղած է նոյնինքն Տիմոթէոս։ Այս իրողութիւնը կարելի է հաստատել վերադառնալով Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներու ուղղած երկրորդ նամակին, ուր նամակին սկիզբը յստակօրէն կը նշմարենք որ Տիմոթէոսի անունը կցուած է Պօղոսի անուան. Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Առաքեալ Յիսուսի Քրիստոսի եւ Տիմոթէոս եղբայր, Աստուծոյ Եկեղեցիին. ձեզի, շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ մեր Հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Կողմէ (Բ. Կոր. 1-2)։ Իսկ նոյնինքն Տիմոթէոսի ուղղուած են Պօղոսի թուղթերէն երկուքը, որոնց մասին կը խորհրդածենք այսօր, եւ որոնք շատ օգտակար թելադրութիւններ կը պարունակեն ամէն հաւատացեալի առ հասարակ, բայց յատկապէս եկեղեցիի պաշտօնեաներուն, այդ պատճառով իսկ կը կոչուին Հովուական Թուղթեր, Տիտոսի Թուղին հետ։

Առաջին նամակին գլխաւոր գաղափարները հետեւեալներն են։

Եպեսկոպոսական եւ սարկաւագութեան պաշտօններու մեծութիւնը եւ կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու դերը յանդիման սուտ վարդապետութեան սուտ վարդապետութիւններուն։ Խրատներ Տիմոթէոսի հետամուտ ըլլալու եղբայրութեան, յարատեւութեան եւ հեզութեան։

Իսկ Երկրորդ նամակը, զոր րուած է Պօղոսի մարտիրոսութենէն քիչ ժամանակ առաջ կը պարունակէ Առաքեալին վերջին խօսքերը եւ կը նկարարէ անոր քաջասրտութիւնը եւ մեծ վստահութիւնը դիմաւորելու մահը եւ մարտիրոսութիւնը. Անոր քաջասրտութիւնը կարելի է համառօտել իր այս խօսքերով.

Եթէ մեռանք անոր հետ, պիտի ապրինք անոր հետ։ Եթէ մնանք հաստատ, անոր հետ պիտի թաաւորենք։ Եթէ մենք ուրանանք զինք, ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ։ Իսկ եթէ մենք անհաւատարիմ ենք, ինք կը մնայ հաւատարիմ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինք ուրանալ (Բ. Կոր. 2, 11-13)։








All the contents on this site are copyrighted ©.